«Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, Բրիտանիոյ կառավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը երկրին մէջ կատարուելիք ախոյեանութեան բոլոր մրցումները անխտիր տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու:
Անգլիոյ ֆութպոլի ղեկավարներն ու պատասխանատուները դէմ են «Փրեմիեր լիկ»-ի դադրեցումին եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի նախատեսուած ժամանակին կատարուին եւ աւարտին բոլոր հանգրուաններուն մրցումները: