Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբին բոլոր խումբերուն փորձերը ժամանակաւորապէս կը դադրին տեղի ունենալէ` անորոշ թուականով մը:
Աշխատանքի վերսկսման մասին որոշում կը տրուի իրավիճակի փոփոխութենէն ետք:
Անդրադառնալով «Լա լիկա»-ի մրցումներուն դադրեցման` սպանական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ եթէ տարեշրջանը չվերսկսի, ֆութպոլի ակումբներուն վնասը պիտի ըլլայ 678,4 միլիոն եւրօ:
Ա. եւ Բ. դասակարգերուն, ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումներէն ստացուող եկամուտին կորուստը պիտի ըլլայ 549 միլիոն եւրօ: 88 միլիոն եւրոն պիտի ըլլայ բաժանորդագրային վճարումներէն, իսկ 41,4 միլիոն եւրոն` տոմսերու վաճառքէն:
Ներկայիս որոշուեցաւ Սպանիոյ ախոյեանութիւնները երկու շաբաթով դադրեցնել: