Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն շատ հաւանական է, որ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը մէկ տարիով յետաձգէ եւ զայն կատարէ 2021-ին:
Նշուեցաւ, որ կազմակերպութիւնը երեքշաբթի, 17 մարտին պիտի կայացնէ իր համագումարը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ պիտի տայ վերջնական որոշում մը:
Այս համագումարին պիտի մասնակցին «Եու. Է. Էֆ. Ա».»-ի անդամ 55 ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչները: Անիկա տեղի պիտի ունենայ առցանց դրութեամբ:
Շատ հաւանական է, որ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութիւնները եւս ընդհատուին: