20-30 յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած` կրանտմասթըր Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքը յետաձգուեցաւ:
Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Պատճառը ամբողջ աշխարհին մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումն է:
Յիշեցնենք, որ կրանտմասթըր Կարէն Ասրեան 9 յունիս 2008-ին յանկարծամահ եղաւ ուղեղային կաթուածի պատճառով: