Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 17 տարեկան յառաջապահ՝ Անսու Ֆաթի, նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսելոնայի հետ, այսպիսով դառնալով քաթալոնիական ակումբին առաջին խումբի խաղացող, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին, ան կը դառնայ 18 տարեկան։
Այս պայմանագրի երկարաձգումէն ետք, անոր հրաժարագիրը 170 միլիոն եւրոյէն բարձրացաւ՝ 400 միլիոն եւրոյի: Ան մինչեւ յունիս 2024 ստորագրեց Պարսայի տոմարներուն վրայ:
Անոր տրուեցաւ թիւ 22 մարզաշապիկը, որ ազատ մնացած էր չիլիցի միջնապահ՝ Արթուրօ Վիտալի հեռանալէն ետք: