Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ կազմին մէջ յայտնուեցաւ «Քորոնա» ժահրի չորրորդ պարագայ մը եւս, որ այս պարագային եղաւ, ուրուկուէյցի յետսապահ՝ Խոսէ Խիմենեսը:
25 տարեկան ֆութպոլիստը, այժմ ինքնամեկուսացումի մէջ է:
Ակումբը, երէկ առաւօտեան իր կատարելիք փորձերը ջնջեց, սպասելով բոլոր մարզիկներուն եւ մարզիչներուն վրայ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքներուն:
Նշենք, որ այս ամսուան ընթացքին, ակումբէն ներս «Քորոնա» ժահրով վարակուած էին, գլխաւոր մարզիչ՝ Տիեկօ Սիմէոնէ, ինչպէս նաեւ ֆութպոլիստներ՝ Տիեկօ Քոսթա եւ Սալվաթորէ Արիասա: