Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համպուրկի «ATP500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 7-6, 4-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին՝ Եան-Լենարթ Շթրուֆին: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց՝ 2 ժամ 37 վայրկեան:
8-րդ դասուած Խաչանով, Բ. Հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ՝ սերպ Տուսան Լայովիչին:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ՝ 1,2 միլիոն եւրօ: