-Եուվենթուս-Սամտորիա՝ 3-0
Նախորդ շաբաթավերջին, ազդանշանը տրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Վերոնային, անոր հետ արձանագրեց՝ ճերմակ հաւասարութիւն մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. Էս. Ռոմայի հետ, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Մխիթարեանի կազմը կը հիւրընկալէ երկրին գործող ախոյեան՝ Եուվենթուսին, որ երէկ գիշեր 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Սամտորիային:
Մրցումին աւարտէն երկու վայրկեան առաջ, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց Եուվէի վերջին կոլը: