Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի չորրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, երէկ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ «Ալիանց-Ռիվիերա»-յի դաշտէն, ուր յաղթեց Նիսի:
Քիլիան Մպափէ (38-րդ՝ փենալթի-ով), Անխել Տի Մարիա (45-րդ) եւ Մարքինիոս (66-րդ) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին երեք անպատասխան կոլերը:
Նշենք, որ Սեն Ժերմէն, տարեշրջանի իր առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած էր:
Վերջին դիրքին վրայ գտնուող՝ Տիժոն կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը: