Ա. Էս. Ռոմայի խմբապետ, 34 տարեկան պոսնիացի յառաջապահ՝ Էտին Ծեքօ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ հռոմեան կազմին հետ, նկատի ունենալով որ անոր Եուվենթուս տեղափոխութիւնը չկատարուեցաւ, այս գծով յայտնեց Sky Sport Italia-ն։
Պոսնիացի ֆութպոլիստը, թէեւ իր մասնակցութիւնը չբերաւ Վերոնայի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի Ա. հանգրուանի մրցումին, սակայն ան դաշտ պիտի ներկայանայ Բ. հանգրուանի մրցումին:
Նշենք, որ Ա. Էս. Ռոմայի յաջորդ մրցակիցն է, երկրին գործող ախոյեան՝Եուվենթուսը: Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին, Հռոմի ողիմպիականի մարզադաշտին վրայ եւ պիտի սկսի ժամը 21:45-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով: