«Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր տագնապը նկատի առնելով, Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլիստները հրաժարեցան նախորդ տարեշրջանին իրենց տիրացած տիտղոսներուն համար նախատեսուած «պոնիւս»-ներէն, այս գծով յայտնեց սպանական մամուլը:
Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած ըլլալու համար, իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ պիտի ստանար 700 հազար եւրօ, իսկ Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքին տիրացած ըլլալուն համար՝ 300 հազար եւրօ:
Նշենք, որ Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը «Լա-Լիկա»-յի իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 26 սեպտեմբերին՝ Ռէալ Պեթիսի դէմ: