Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին, Խիմքի, որ հիւրը եղաւ Քրասնոտարին, կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը՝ 7-2 արդիւնքով:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին անդամ՝ Արշակ Կորեան, որ մաս կը կազմէ Խիմքիի, այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (27-րդ եւ 42-րդ՝ փենալթի-ով):
Խիմքի, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր հինգերորդ պարտութիւնը, ցարդ չէ յաջողած յաղթանակ արձանագրել:
Անիկա այժմ կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը, իր տրամադրութեան տակ ունենալով միայն 3 կէտ:
Պարագլուխի դիրքը 17 կէտով կը գրաւէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, մինչ վերջին դիրքին վրայ է Ռոթոր Վոլկոկրատ՝ երկու կէտով: