Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան՝Պայէրն Միւնիխ, մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ 2020-2021 տարեշրջանը, երբ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի Ա. հանգրուանի բացման մրցումին, 8-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրին՝ Շալքէին:
Յաղթական կազմէն հեթրիք մը իրագործեց գերմանացի Սերժ Կնապրի (4-րդ, 47-րդ եւ 59-րդ):
Տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պորուսիա Տորթմունտ, իր հիւրին՝ Պորուսիա Մէօշընկլատպախին դէմ:
Յաղթական կազմէն Էրլինկ Հալանտ տուպլէ մը իրագործեց ( 54-րդ եւ 77–րդ՝ փենալթի-ով):