Հակառակ անոր որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-յի 2020-2021 տարեշրջանին Ա. հանգրուանին գծով տեղի ունեցած են շարք մը ճակատումներ, սակայն երկրին գործող ախոյեանը՝ Ռէալ Մատրիտ երէկ գիշեր կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը եղաւ Ռէալ Սոսիետատին:
Անոնց միջեւ այս ճակատումը աւարտեցաւ՝ ճերմակ հաւասարութեամբ:
Ցարդ, Կրանատա եւ Ռէալ Պեթիս, միակ կազմերն են, որ արձանագրած են երկուքական յաղթանակ:
Իսկ Պարսելոնա, ինչպէս նաեւ այլ կազմեր ալ, ցարդ մրցում չեն կատարած: