Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեանի եւ Հայաստանի ճատրակի լաւագոյն խաղացողներէն՝ Սերկէյ Մովսիսեանի խումբը՝ Պէյտըն-Պէյտըն, հանդիսացաւ Գերմանիոյ ճատրակի ակումբներու ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի ախոյեան:
Անիկա բաղկացած էր 7 հանգրուաններէ: Ախոյեան խումբը իր բոլոր՝ 14 խաղերն ալ աւարտեց յաղթանակով:
Արոնեան, որ չորս մրցումի իր մասնակցութիւնը բերաւ, բոլորին ալ արձանագրեց հաւասարութիւն: