Աթլեթիզմ.Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութիւն. Հայրենի Աթլէթները Տիրացան Երեք Ոսկի Մետալի
Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամները, հանդիսացան պալքանեան երկիրներու ախոյեանութեան տիտղոսակիրներ:
Ռումանական Քլուժ-Նափոքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, Լեւոն Աղասեան արձանագրելով 16.53 մեթր արդիւնք մը, հանդիսացաւ ախոյեան:
Իր կարգին տիտղոսակիր դարձաւ Երուանդ Մկրտչեան, որ 1500 եւ 3000 մեթր վազքի մրցումներուն, յաջորդաբար արձանագրելով՝ 3:47.60 եւ 8:12.02 արդիւնքներ, տիրացաւ երկու ոսկի մետալի:
Իսկ հաւաքականի նորեկ՝ Ալեքս Տօնիկեան, 100 մեթր վազքի մրցումներուն, արձանագրելով՝ 10”44 արդիւնք մը, թէեւ մրցանակային դիրք մը չգրաւեց, սակայն յաջողեցաւ հայաստանեան մրցանիշ մը հաստատել:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական