Սերպ թենիսմէն՝ Նովաք Ճոքովիչ, տիրացաւ Հռոմի թենիսի Մասթըրզ-ի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսին, երբ աւարտականի մրցումին, 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց արժանթինցի իր մրցակիցին՝ Տիեկօ Շվարցմանին: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց՝ 1 ժամ 54 վայրկեան:
Ճոքովիչ, այս մրցաշարքին գծով դասուած էր առաջին, մինչ անոր մրցակիցը՝ 8-րդ:
Նշենք, որ այսպիսով, Ճոքովիչ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ իր 81-րդ տիտղոսին, մինչ այս մրցաշարքին գծով, ան 5-րդ անգամ ըլլալով դարձաւ տիտղոսակիր: