Հոլանտացի նախկին ֆութպոլիստ՝ Ֆրանք Տը Պէօր, երէկ նշանակուեցաւ Նիտըրլենտներու ազգային խումբին մարզիչ, այս գծով յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Ան իր պաշտօնը պիտի կատարէ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին, ներառեալ՝ 2022-ի Մոնտիալը, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ:
Ան, իր նոր կազմին հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Մեքսիքայի դէմ, որ պիտի ըլլայ բարեկամական: Ապա, անոր յաջորդ երկու մրցակիցները պիտի ըլլան՝ Պոսնիա եւ Իտալիա, «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, ան գլխաւորած է շարք մը ակումբներ, որոնց կարգին՝ Այաքս Ամսթերտամ, Ինթեր Միլան, Քրիսթալ Փալաս եւ Աթլանթա Եունայթըտ: