Աթլեթիզմ. Երուանդ Մկրտչեան ոսկի Մետալի Մը Տիրացաւ Ռումանիոյ Մէջ
Ռումանիոյ Քլիւժ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Պալքանեան երկիրներու ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ՝ Հայաստան: Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամ՝ Երուանդ Մկրտչեան, գերազանց ելոյթ ունենալով 1500 մեթր վազքի մրցումներուն, յաջողեցաւ հանդիսանալ ախոյեան, տիրանալով ոսկի մետալին, այս գծով յայտնեց Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Մկրտչեան, որ արձանագրեց 3'47''60 արդիւնք մը, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ՝ 800 մեթրի վազքի մրցումին:




















