Մարզական

Միջազգային Ֆութպոլ. Քաւանի Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Միջազգային Ֆութպոլ. Քաւանի Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ՝ Էտինսոն Քաւանի երէկ ունեցաւ իր նոր ակումբը, որ եղաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտը: Լքելով իր կազմը՝ Փարիզ Սեն Ժերմենը, ան ազատ փոխանցումով մը միացաւ անգլիական ակումբին, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով «Կարմիր Սատանաներուն» հետ: Ըստ կնքուած պայմանագրութեան, Քաւանի եթէ ուզէ տարի մը ետք, կրնայ դադրիլ անոր մաս կազմելէ: 33 տարեկան Քաւանի, 2013-էն ի...

Թենիս.«Ռոլան-կարոս». 131-րդ Դասուած Փոտորոսքա Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը

Թենիս.«Ռոլան-կարոս». 131-րդ Դասուած Փոտորոսքա Ապահովեց Կիսաւարտականին Իր Տոմսը

3րդ Դասուած Աւստրիացի Թիեմ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն Ֆրանսայի մէջ կը շարունակուի թինիսի «Ռոլան-կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի միջազգային բաց մրցաշարքը: Երէկ, աղջկանց քառորդ աւարտականի մրցումներուն արձանագրուեցաւ մեծ անակնկալ մը, երբ աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 131-րդ դիրքին վրայ գտնուող արժանթինցի Նատիա Փոտորոսքա, մրցաշարքէն դուրս ձգեց 3-րդ դասուած ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինային, արձանագրելով՝ 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց՝ 1 ժամ...

«Դուք Անպարտելի Էք Հայոց Փառքի Ու Պարծանքի Արժանի Մեր Հայ Զինուորներ» Ըսաւ Վիք Դարչինեան

«Դուք Անպարտելի Էք Հայոց Փառքի Ու Պարծանքի Արժանի Մեր Հայ Զինուորներ» Ըսաւ Վիք Դարչինեան

Արհեստավարժ կռփարմարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան՝ Վիք Դարչինեան, իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ զինուորին: Դարչինեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Շատ մենամարտեր ունեցած եմ, շատ յաղթանակներ արձանագրած եմ, բայց անոնցմէ մէկը երբեք չեմ մոռնար: «1999 թուական, Յունաստան...Եւրոպայի բաժակի մրցաշարք, ուր նաք-աութ-ով յաղթելով թուրք մրցակիցիս, կրկնակի ուրախութիւն վայելեցի...թուրքը միշտ պէտք է վախ ունենայ հայէն: «Դուք անպարտելի էք, հայոց փառքի ու պարծանքի...

500 Հազար Դրամ՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին

500 Հազար Դրամ՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին

Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական համակիրներու ակումբը, Հայաստանի մէջ 500 հազար դրամ փոխանցեց  «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին, այս գծով յայտնեց ֆան-ակումբին ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջը: Անոր կողմէ հրապարակուած լուրին մէջ ըսուեցաւ. «Ներկայ դրութեամբ, մեր ֆան ակումբին անդամներէն շատերը, կը գտնուին տարբեր մարտերու դաշտերուն մէջ (Արցախ, համացանց, կամ այլ տեղեր): Յաղթանակը կը սպասէ մեզի՝ բոլորիս: Կոչ կ’ուղղենք բոլորին, առաւելագոյն չափով իրենց նիւթական օժանդակութիւնները տրամադրել մեր...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Հայաստան-Ալպանիա Մրցումը Ջնջուեցաւ

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում. Հայաստան-Ալպանիա Մրցումը Ջնջուեցաւ

Վաղը՝ չորեքշաբթի տեղի ունենալիք Հայաստան-Ալպանիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը ջնջուեցաւ, այս գծով յայտնեց Հայաստաի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը: Այս որոշումը տուաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Նշուեցաւ նաեւ, որ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը Հայաստան-Վրաստան մրցումին գծով («Ազգերու-Լիկա»-յի մրցաշարք) պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ շուտով: Եթէ Հայաստան-Վրաստան մրցումը կատարուի Հայաստանէն դուրս, ապա ուրեմն, Ազրպէյճան-Կիպրոս մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ...

Ղազախական Ֆութպոլ. Արտակ Դաշեան Կերտեց Աթիրաուի Յաղթանակը

Ղազախական Ֆութպոլ. Արտակ Դաշեան Կերտեց Աթիրաուի Յաղթանակը

Ղազախստանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան (Բ. խմբակ) 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արամ Ոսկանեանի գլխաւորած կազմը՝ Աթիրաու, 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Աքզհայք Ուրալսքի: Դաշտին տէրերուն եւ մրցումին միակ կոլը, 75-րդ վայրկեանին նշանակեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին միջնապահ՝ Արտակ Դաշեան: Նշենք, որ այժմ, Աթիրաու 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 16 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:  

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Ճոքովիչ Յաղթեց Խաչանովին Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտականին

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Ճոքովիչ Յաղթեց Խաչանովին Եւ Հասաւ Քառորդ Աւարտականին

Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին՝ «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի Դ. հանգրուանի մրցումներուն, թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ մրցեցաւ ռուսահայ Կարէն Խաչանովի դէմ (դասուած՝ 15-րդ): Մրցումը, որ տեւեց 2 ժամ 25 վայրկեան, աւարտեցաւ Ճոքովիչի յաղթանակով՝ 6-4, 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով: Այսպիսով Ճոքովիչ ապահովեց առորդ աւարտականին իր տոմսը: Քառորդ աւարտականին իր տոմսը ապահովեց նաեւ Սթեֆանոս Ցիցիփաս (Յունաստան), որ յաղթեց պուլկարացի Կրիկոր Տիմիթրովին: Աղջկանց...

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Պատանի Ըմբիշները Տիրացան 13 Գունաւոր Մետալի

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Պատանի Ըմբիշները Տիրացան 13 Գունաւոր Մետալի

Հայ յունահռոմէական ոճի պատանի ըմբիշները, որոնք իրենց  մասնակցութիւնը բերին Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, յաջողեցան արձանագրել բացառիկ արդիւնքներ: Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան՝ 240 ըմբիշներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր երկիրներ: Հայ մարզիկները, յաջողեցան տիրանալ՝ 13 գունաւոր մետալի (7 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ):

«Էն. Պի. Էյ.». Հիթ-Լէյքըրզ՝ 1-2

«Էն. Պի. Էյ.». Հիթ-Լէյքըրզ՝ 1-2

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին յաղթականը եղաւ Մայեմի Հիթ, որ առաջին երկու մրցումներուն պարտուած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումներուն: Հիթ, որ արձանագրեց՝ 115-104 արդիւնքով յաղթանակ մը, չորրորդ մրցումը եւս պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ: Յաղթական կազմէն՝ Ճիմի Պաթլըր  նշանակեց 40 կէտ, մինչ Լէյքըրզէն, Լեպրոն Ճէյմզ՝ 25 կէտ:

«Աստուած Պահապան Հայ Զինուորին ». Բիչախչեան Իր Կոլը Նուիրեց Հայ Զինուորին

«Աստուած Պահապան Հայ Զինուորին ». Բիչախչեան Իր Կոլը Նուիրեց Հայ Զինուորին

Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Զիլինա, որ հիւրընկալեց Տունաժսքա Սթրետային, արձանագրեց՝ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Վահան Բիչախչեան, որ մաս կը կազմէ Զիլինայի, մրցումին 34-րդ վայրկեանին, նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը: Իր նշանակած այս կոլէն ետք, ան այդ մէկը նշանակեց իւրայատուկ ձեւով մը, երբ ցոյց տուաւ իր մարզաշապիկին վրայի գրութիւնը, որուն վրայ գրուած...

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Խաչանով Ապահովեց Դ. Հանգրուանին Իր Տոմսը Եւ Կը Մրցի Ճոքովիչի Դէմ

Թենիս. «Ռոլան-Կարոս». Խաչանով Ապահովեց Դ. Հանգրուանին Իր Տոմսը Եւ Կը Մրցի Ճոքովիչի Դէմ

Ֆրանսայի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքին՝ «Ռոլան-Կարոս»-ի կրան-շլեմ-ի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, հայկական արմատներով Ռուսիան ներկայացնող Կարէն Խաչանով, որ դասուած է 15-րդ, յաղթանակ մը արձանագրեց չիլիցի Քրիսթիան Կարինի դէմ (20-րդ)՝ 6-2, 3-6, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց՝ 2 ժամ եւ 30 վայրկեան: Դ. հանգրուանի մրցումներուն, հայ մարզիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ...

«Քալչիօ». Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը Ա. Էս. Ռոմա՝ Յաղթական

«Քալչիօ». Հենրիխ Մխիթարեանի Կազմը Ա. Էս. Ռոմա՝ Յաղթական

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Ուտինեզէին, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, 1-0 արդիւնքով: Մրցումին եւ յաղթական կազմին կոլը նշանակեց՝ Փետրօ Ռոտրիկեզ, 55-րդ վայրկեանին: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. Էս. Ռոմայի հետ, 71-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: Ճենովա-Թորինօ մրցումը յետաձգուեցաւ,...

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստան-Ալպանիա Հանդիպումը՝ Առանց Հանդիսատեսներու

Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցում. Հայաստան-Ալպանիա Հանդիպումը՝ Առանց Հանդիսատեսներու

Յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, պիտի մրցի Ալպանիոյ դէմ: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանանք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու, «Քորոնա» ժահրին եւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղող պատերազմին պատճառով: Նշենք, որ այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:  

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ախոյեան Ահտի Յաղթանակը եւ Քատտուհի Հեթրիք-ը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ախոյեան Ահտի Յաղթանակը եւ Քատտուհի Հեթրիք-ը

Նախորդ շաբաթավերջին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին, երբ տեղի ունեցան առաջին հանգրուանի մրցումները: Լիբանանի ախոյեան՝ Ահտ, 3-0 արդիւնքով յաղթանակով մը սկսաւ տարեշրջանը, երբ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, յաղթեց Պըրժին: Ահտի յառաջապահ՝Մոհամմետ Քատտուհ, յաջողեցաւ իրագործել տարեշրջանի առաջին հեթրիք-ը՝ 30-րդ,  52-րդ եւ 60-րդ վայրկեաններուն: Անսար, որ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Թատամոն Սուրի, արձանագրեց 1-0...

Հայկական Ֆութպոլ. Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Ընդլայնուած Կազմը

Հայկական Ֆութպոլ. Քափարոս Հրապարակեց Հայաստանի Ազգային Հաւաքականին Ընդլայնուած Կազմը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին գլխաւոր մարզիչ, սպանացի Խուան Քափարոս, նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց հաւաքականին ընդլայնուած կամը, այս գծով յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս ամսուան ընթացքին, հաւաքականը պիտի կատարէ երեք մրցում, յաջորդաբար մրցելով՝ Ալպանիոյ (7 հոկտեմբեր), Վրաստանի (11 հոկտեմբեր) եւ Էսթոնիոյ (14 հոկտեմբեր) դէմ: Նշենք, որ առաջինը բարեկամական է, մինչ վերջին երկուքը՝ «Ազգերու-Լիկա»-յի մրցաշարքի ծիրին մէջ են: Այսօր՝ երկուշաբթի, 5...

«Լա-Լիկա». Ռէալ Մատրիտ՝ Յաղթական

«Լա-Լիկա». Ռէալ Մատրիտ՝ Յաղթական

-Պարսելոնա Չկրցաւ Յաղթել Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա«-յի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը՝ Ռէալ Մատրիտ, 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Լեվանթէի դաշտէն: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին՝ պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիոր (16-րդ) եւ ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա (90+5-րդ): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Ռէալ, 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Պարսելոնա, որ հիւրընկալեց Սեւիլլային, անոր հետ արձանագրեց՝ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն...

«Փրեմիեր-Լիկ». Լիվըրփուլի Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Ծանր Պարտութիւնները

«Փրեմիեր-Լիկ». Լիվըրփուլի Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Ծանր Պարտութիւնները

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թոթենհամին, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: Այս առաջին պարտութիւնը սակայն եղաւ քիչ մը ծանր՝ 6-1 արդիւնքով: Թէեւ 2-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆերնանտեզ, փենալթի-ով նշանակեց դաշտին տիրոջ եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն լոնտոնեան կազմը պատասխանեց վեց անգամ: Նշենք, որ մրցումին 28-րդ վայրկեանին, Եունայթըտի մաս կազմող ֆրանսացի...

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Արարատ Արմենիա Դուրս Մնաց

«Եւրոպայի-Լիկա»-յի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Արարատ Արմենիա Դուրս Մնաց

  Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան՝ Արարատ Արմենիա, որ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչն էր, երէկ գիշեր իր կարգին հրաժեշտ տուաւ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին, երբ փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն ծիրին գծով իր կատարած մրցումին, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սերպիոյ ախոյեան՝ «Կարմիր Աստղ» Պելկրատէն: Մրցակից կազմը իր կոլերը նշանակեց՝ 45-րդ եւ 60-րդ վայրկեաններուն, մինչ հայկական կազմին միակ կոլը նշանակուեցաւ՝ 72-րդ վայրկեանին: Նախորդ...

«Չեմփիընզ-Լիկ». Խմբակներու Դրութեամբ Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

«Չեմփիընզ-Լիկ». Խմբակներու Դրութեամբ Տեղի Ունենալիք Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Երէկ՝ հինգշաբթի, Ժընեւի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Անոր մասնակցող 32 խումբերը բաժնուեցան ութ խմբակի, հետեւեալ ձեւով. Ա. խմբակ. Պայէրն Միւնիխ (Գերմանիա), Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա), Սալզպուրկ (Աւստրիա), Լոքոմոթիւ Մոսկուա (Ռուսիա) Բ. խմբակ. Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա), Շախտիոր Տոնեցք (Ուքրանիա), Ինթեր Միլան (Իտալիա), Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ (Գերմանիա) Գ. խմբակ. Փորթօ (Փորթուգալ), Մանչեսթըր Սիթի (Անգլիա), Օլիմփիաքոս...

Միջազգային Ֆութպոլ. Սերժինօ Տեսթ Միացաւ Պարսելոնայի

Քաթալոնիական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել Այաքս Ամսթերտամի յետսապահ՝ Սերժինօ Տեսթի ստորագրութիւնը: 19 տարեկան ֆութպոլիստը, իր նոր կազմին հետ պիտի կնքէ մինչեւ 2025 պայմանագրութիւն մը, մինչ անոր հրաժարագինը պիտի կազմէ՝ 400 միլիոն եւրօ: Ան իր նոր կազմին հետ պիտի կրէ՝ թիւ 2 մարզաշապիկը:

Page 585 of 1279 1 … 584 585 586 … 1,279

Արխիւներ