Յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին, «Ազգերու-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Գ. խմբակին, Գ. հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ, մրցում մը ունի կատարելիք Վրաստանի դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ խօսնակ՝ Հայկ Կարապետեան յայտնեց, որ մինչեւ երէկ, ոչ մէկ խօսք կամ նիւթ կար, անոր այլ վայր տեղափոխութեան գծով:
Հետեւաբար, ըստ նախապէս հրապարակուած յայտագիրին, անիկա տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: