Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ-օֆ-ի ծիրին մէջ տեղի ունենալիք Արարատ Արմենիա-«Կարմիր Աստղ» Պելկրատ մրցումը տեղափոխուեցաւ չէզոք դաշտ:
Սկզբունքով, այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Երեւանի մէջ: Սակայն յառաջիկայ 1 հոկտեմբերին կատարուելիք այս հանդիպումը տեղափոխուեցաւ Կիպրոսի մայրաքաղաք՝ Նիկոսիոյ «GSP» մարզադաշտը:
Նշենք, որ մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան՝ Յունաստանէն:
Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը յայտնեց, որ Հայաստան-Ազրպէյճան լարուած կացութիւնն ու պատերազմական վիճակը թոյլ չեն տար, որ անիկա կայանայ Երեւանի մէջ: