«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի առաջին մրցումը տեղի ունեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ, որուն ընթացքին Լէյքըրզ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթին:
Նշենք, որ երկրորդ մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ:
Աւարտականի այս առաջին մրցումին յաղթականը եղաւ Լէյքըրզ, որ արձանագրեց՝ 116-98 արդիւնքով (31-28, 34-20, 28-19 եւ 23-31) յաղթանակ մը:
Լէյքըրզի եւ մրցումին ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Անթոնի Տէյվիս (34), մինչ անոր խմբակից՝ Լեպրոն Ճէյմս, որ բաւական մօտ էր թրիփըլ-տապալ մը իրագործելուն, տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (25 կէտ, 13 ռիպաունտ): Իսկ Մայեմիէն 23 կէտ նշանակեց Ճիմի Պաթլըր:
Նշենք, որ արեւմտեան շրջանի աւարտականի մրցումին, Լէյքըրզ յաղթեց Տենվըր Նակեթցին (4-1), իսկ արեւելեանին, Հիթ՝ Պոսթըն Սելթիքսին (4-2):