Աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Եուրի Ճորքայէֆի եղբայրը՝ Տենիս Ճորքայէֆ, դիմելով Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնին, կոչ ըրաւ դատապարտել Արցախի եւ Հայաստանի դէմ, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ սանձազերծած զանգուածային ռազմական գործողութիւնները:
«Պարոն նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոն: Ձեզի կոչ կ’ընեմ, դատապարտել Ազրպէյճանի կողմէ եւ Թուրքիոյ օգնութեամբ, Հայ ժողովուրդին դէմ սանձազերծած զանգուածային ռազմական գործողութիւնները:
«Դիմակազերծեցէք Էրտողանի կողմէ ուղարկուած այս իսլամ ահաբեկիչներուն: Մենք խաղաղասէր ազգ ենք», ըսած է Տենիս Ճորքայէֆ:
Նմանօրինակ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունեցաւ նաեւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ըսաւ, թէ պէտք է ամէն գնով կասեցնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի այս սադրիչ գործողութիւնները: