Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Քիեւի մէջ (Ուքրանիա) տեղի ունեցած մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած հայրենի մարզիկները, իրենց արձանագրած բացառիկ արդիւնքներուն շնորհիւ, տիրացան 11 գունաւոր մետալներու:
Նշենք, որ այդ 11 մետալներէն միայն մէկը սակայն եղաւ ոսկի, այդ ալ շնորհիւ՝ Վահագն Դաւթեանի: