Հայաստանի ֆութպոլի գործող ախոյեան՝ Արարատ Արմենիա, որ երէկ մեկնեցաւ Կիպրոս, այսօր մրցում մը ունի կատարելիք սերպական «Կարմիր Աստղ» Պելկրատի դէմ:
Այս մրցումը, որ կ’իյնայ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ-օֆ-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, պիտի սկսի՝ ժամը 20:00-ին՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Սկզբունքով, այս մրցումը տեղի պիտի ունենար Երեւանի մէջ, Աւանի ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ: Սակայն Հայաստանի մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով, անիկա տեղափոխուեցաւ Կիպրոսի մայրաքաղաք՝ Նիկոսիոյ մէջ գտնուող «GSP» մարզադաշտը:
Հայրենի կազմէն ամէն գնով կը սպասուի այսօրուան այս ճակատումը աւարտել յաղթանակով: