Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ Լիբանանի 43-րդ միջազգային ռելի-ն տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 13-15 նոյեմբերին:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին՝ յառաջիկային:
Միայն նշուեցաւ, որ անոր արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է՝ 28 հոկտեմբերը, հետեւեալ հասցէին միջոցով. «www.rallylebanon.com»: