«Chess.com» կայքի կազմակերպած «Pro Chess League» ակումբներու մրցաշարքը, որուն մասնակցեցան աշխարհի գրեթէ բոլոր զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողները, հասաւ իր աւարտին:
Աւարտականի մրցումին, «Հայկական Արծիւներ» խումբը, որուն մաս կազմեցին, Հայաստանէն՝ Տիգրան Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, իրանցի եւ հնդիկ խաղացողներ, յաղթեց Սենթ Լուիս խումբին (Մ. Նահանգներ) եւ հանդիսացաւ ախոյեան: Մրցաշարքին ընթացքին, ելոյթ ունեցան նաեւ՝ Զաւէն Անդրիասեան եւ Շանթ Սարգսեան:
Իսկ մրցակից կազմին մաս կը կազմէին՝ Ֆապիանօ Քարուանա, Լինիեր Տոմինկես եւ ուրիշներ:
Այսպիսով, տիտղոսակիր խումբը ստացաւ քսան հազար ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ «Pro Chess League»-ի այս մրցաշարքը տեղի կ’ունենայ 2017-էն ի վեր: 2017-ին եւ 2019-ին տիտղոսակիր դարձաւ Սենթ Լուիսի խումբը, իսկ 2018-ին եւ այս տարի՝ «Հայկական Արծիւներ» խումբը: