«Պունտըսլիկա»-յի կազմերէն՝ Շալքէի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ գերմանացի Մանուէլ Պաում, նշանակուեցաւ ակումբին նոր գլխաւոր մարզիչ:
41 տարեկան մասնագէտը, այսպիսով փոխարինեց Տէյվիտ Վակնըրին, որ իր արձանագրած անբաւարար արդիւնքներուն պատճառով, կորսնցուց իր պաշտօնը:
Նշենք, որ նախքան Շալքէի մարզիչ նշանակուիլը, Պաում Գերմանիոյ երիտասարդներու ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչն էր:
«Պունտըսլիկա»-յի 2020-2021 տարեշրջանին գծով, Շալքէ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է. առաջինին՝ ախոյեան Պայէրն Միւնիխէն (8-0), իսկ երկրորդին՝ Վերտըր Պրեմընէն (3-1):