Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականին անդամ՝ Հայկ Մարտիրոսեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Junior Speed Chess» միջազգային մրցաշարքին, յաջողեցաւ ապահովել կիսաւարտականին իր տոմսը:
Մարտիրոսեան, քառորդ աւարտականին գծով իր կատարած ճակատումին, մրցեցաւ Իրանի ներկայացուցիչ՝ Պարհամ Մաքսուտի դէմ եւ ընդհանուր հաշիւով արձանագրեց 15-10 արդիւնքով յաղթանակ մը:
«Junior Speed Chess» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի զօրաւորագոյն երիտասարդ ճատրակ խաղացողները: Այս տարի անոր մասնակցողներուն թիւն է՝ 16:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ՝ 25 հազար ամերիկեան տոլար: