Քաթալոնիական Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը, մտադիր է մարզիկներու այժմու փոխանցման ընթացքին, հրաժեշտ տալ խումբին յառաջապահ՝ Ուսման Տեմպելէին, այս գծով յայտնեց սպանական «Sport.es»-ը:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին,Ֆրանսացի ֆութպոլիստով շատ մօտէն հետաքրքրուած է՝ Մանչեսթըր Եունայթըտ:
Պարսելոնա պիտի ծախէ Տեմպելէին, անշուշտ եթէ իր 23 տարեկան ֆութպոլիստին համար գանձէ՝ 50-60 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ ան Պարսելոնայի մաս կը կազմէ 2017-էն ի վեր: