Եւրոպայի կրկնակի, եւրոպական խաղերու ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, կռփամարտիկ՝ Յովհաննէս Բաչքովի առաջին մրցակիցը արհեստավարժ ռինկին վրայ յստակացաւ:
Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) յառաջիկային տեղի ունենալիք մենամարտին ընթացքին, գիւմրեցի մարզիկը պիտի ճակատի վենեզուելացի Սամուէլ Կոնցալեզի դէմ:
Այդ մենամարտը նախատեսուած է որ կատարուի՝ յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին:
Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ Բաչքով պայմանագրութիւն մը ստորագրած է հանրածանօթ «MTK Global» ընկերութեան հետ, որ նախապէս աշխատած է հանրածանօթ այլ կռփամարտիկներու հետ:
Գիւմրեցի մարզիկը արհեստավարժ ռինկին վրայ մինչեւ 15 մենամարտ կատարելը, կրնայ մենամարտիլ նաեւ ոչարհեստավարժ ռինկի վրայ ալ: