Անգլիական Լիվըրփուլի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ՝ Թիակօ Ալքանթարա վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
29 տարեկան ֆութպոլիստին քննութեան արդիւնքը դրական ըլլալով, ան 14 օր պիտի մնայ ինքնամեկուսացումի մէջ:
Նշենք, որ Ալքանթարա Պայէրն Միւնիխէն տեղափոխուեցաւ Լիվըրփուլ, մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին:



