Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող պելճիքացի միջազգային յառաջապահ՝ Էտեն Հազար, շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի կանաչ դաշտերէն, այս գծով յայտնեց սպանական «Marca» մարզական հանրածանօթ օրաթերթը:
29 տարեկան ֆութպոլիստը, որ աջ ոտքի վնասուածք ստացաւ, ըստ արքայական ակումբին բժիշկներուն, երեքէն չորս շաբաթ չի կրնար որեւէ մրցումի իր մասնակցութիւնը բերել:
Նշենք, որ անոր խմբակից, գերմանացի Թոնի Քրուս եւս իր կարգին մկանային վնասուածք ունի: