Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան՝ Արարատ Արմենիա, որ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով Հայաստանի վերջին ներկայացուցիչն էր, երէկ գիշեր իր կարգին հրաժեշտ տուաւ «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին, երբ փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն ծիրին գծով իր կատարած մրցումին, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սերպիոյ ախոյեան՝ «Կարմիր Աստղ» Պելկրատէն:
Մրցակից կազմը իր կոլերը նշանակեց՝ 45-րդ եւ 60-րդ վայրկեաններուն, մինչ հայկական կազմին միակ կոլը նշանակուեցաւ՝ 72-րդ վայրկեանին:
Նախորդ տարեշրջանին նման, Արարատ Արմենիա դարձեալ չյաջողեցաւ այս հանգրուանէն աւելի երթալ: