Վաղը՝ չորեքշաբթի տեղի ունենալիք Հայաստան-Ալպանիա ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումը ջնջուեցաւ, այս գծով յայտնեց Հայաստաի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքը:
Այս որոշումը տուաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ վերոնշեալ կազմակերպութիւնը Հայաստան-Վրաստան մրցումին գծով («Ազգերու-Լիկա»-յի մրցաշարք) պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ շուտով:
Եթէ Հայաստան-Վրաստան մրցումը կատարուի Հայաստանէն դուրս, ապա ուրեմն, Ազրպէյճան-Կիպրոս մրցումը եւս տեղի պիտի ունենայ չէզոք դաշտի վրայ: