Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Ուտինեզէին, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, 1-0 արդիւնքով: Մրցումին եւ յաղթական կազմին կոլը նշանակեց՝ Փետրօ Ռոտրիկեզ, 55-րդ վայրկեանին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. Էս. Ռոմայի հետ, 71-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ճենովա-Թորինօ մրցումը յետաձգուեցաւ, նկատի ունենալով որ Ճենովայէն 11 ֆութպոլիստներ եւ 4 պատասխանատուներ, վարակուած ելան «Քորոնա» ժահրով:
Ինչ կը վերաբերի Եուվենթուս-Նափոլի մրցումին, հիւրընկալ կազմը 3-0 արդիւնքով յաղթական հռչակուեցաւ, նկատի ունենալով որ Նափոլի դաշտ չներկայացաւ («Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով):