Արհեստավարժ կռփարմարտի թեթեւագոյն քաշային կարգի աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան՝ Վիք Դարչինեան, իր աջակցութիւնը յայտնեց հայ զինուորին:
Դարչինեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Շատ մենամարտեր ունեցած եմ, շատ յաղթանակներ արձանագրած եմ, բայց անոնցմէ մէկը երբեք չեմ մոռնար:
«1999 թուական, Յունաստան…Եւրոպայի բաժակի մրցաշարք, ուր նաք-աութ-ով յաղթելով թուրք մրցակիցիս, կրկնակի ուրախութիւն վայելեցի…թուրքը միշտ պէտք է վախ ունենայ հայէն:
«Դուք անպարտելի էք, հայոց փառքի ու պարծանքի արժանի մեր հայ զինուորներ… յաղթանակով եւ առողջ վերադարձէք տուն»: