Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թոթենհամին, կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը:
Այս առաջին պարտութիւնը սակայն եղաւ քիչ մը ծանր՝ 6-1 արդիւնքով:
Թէեւ 2-րդ վայրկեանին Պրունօ Ֆերնանտեզ, փենալթի-ով նշանակեց դաշտին տիրոջ եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն լոնտոնեան կազմը պատասխանեց վեց անգամ:
Նշենք, որ մրցումին 28-րդ վայրկեանին, Եունայթըտի մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ՝ Անթոնի Մարթիալ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր կարգին, երկրին գործող ախոյեանը՝ Լիվըրփուլ, կրեց բաւական ծանր պարտութիւն մը՝ Ասթոն Վիլայի դաշտին վրայ, 7-2 արդիւնքով:
Յաղթական կազմէն, Օլի Ուաթքինս հեթրիք մը իրագործեց, մինչ Լիվըրփուլէն տուպլէ մը իրագործեց՝ Մոհամետ Սալահ:
Այլ մրցումի մը, Էվըրթըն արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 4-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պրայթընին:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ՝ Չելսի եւ Արսենալ: