«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ մրցումին յաղթականը եղաւ Մայեմի Հիթ, որ առաջին երկու մրցումներուն պարտուած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն, այս վերջինին դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումներուն:
Հիթ, որ արձանագրեց՝ 115-104 արդիւնքով յաղթանակ մը, չորրորդ մրցումը եւս պիտի կատարէ իր դաշտին վրայ:
Յաղթական կազմէն՝ Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 40 կէտ, մինչ Լէյքըրզէն, Լեպրոն Ճէյմզ՝ 25 կէտ: