Յառաջիկայ 7 հոկտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, պիտի մրցի Ալպանիոյ դէմ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կայքէն կը տեղեկանանք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու, «Քորոնա» ժահրին եւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղող պատերազմին պատճառով:
Նշենք, որ այս հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ, Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ: