Հայ յունահռոմէական ոճի պատանի ըմբիշները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Պիելոռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի միջազգային մրցաշարքին, յաջողեցան արձանագրել բացառիկ արդիւնքներ:
Նշենք, որ մրցաշարքին մասնակցեցան՝ 240 ըմբիշներ, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր երկիրներ:
Հայ մարզիկները, յաջողեցան տիրանալ՝ 13 գունաւոր մետալի (7 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ):