Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Զիլինա, որ հիւրընկալեց Տունաժսքա Սթրետային, արձանագրեց՝ 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ՝ Վահան Բիչախչեան, որ մաս կը կազմէ Զիլինայի, մրցումին 34-րդ վայրկեանին, նշանակեց իր կազմին երրորդ կոլը:
Իր նշանակած այս կոլէն ետք, ան այդ մէկը նշանակեց իւրայատուկ ձեւով մը, երբ ցոյց տուաւ իր մարզաշապիկին վրայի գրութիւնը, որուն վրայ գրուած էր.
«ԱՍՏՈՒԱԾ ՊԱՀԱՊԱՆ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ»: