Նախորդ շաբաթավերջին, ազդանշանը տրուեցաւ Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութեան 2020-2021 տարեշրջանին, երբ տեղի ունեցան առաջին հանգրուանի մրցումները:
Լիբանանի ախոյեան՝ Ահտ, 3-0 արդիւնքով յաղթանակով մը սկսաւ տարեշրջանը, երբ Սայտայի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, յաղթեց Պըրժին:
Ահտի յառաջապահ՝Մոհամմետ Քատտուհ, յաջողեցաւ իրագործել տարեշրջանի առաջին հեթրիք-ը՝ 30-րդ, 52-րդ եւ 60-րդ վայրկեաններուն:
Անսար, որ Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Թատամոն Սուրի, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ՝ Քարիմ Տարուիշի նշանակած կոլին (43-րդ):
Սաֆա-Նըժմէ մրցումը աւարտեցաւ՝ 1-1 հաւասարութեամբ, Ախա Ահլի Ալէյ յաղթեց Շապապ Ղազիէին (1-0), Շապապ Սահել՝ Թրիփոլիին (1-0), իսկ Շապապ Պըրժ՝ Սալամ Զղարթային (3-0):