Քաթալոնիական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը յաջողեցաւ ձեռք ձգել Այաքս Ամսթերտամի յետսապահ՝ Սերժինօ Տեսթի ստորագրութիւնը:
19 տարեկան ֆութպոլիստը, իր նոր կազմին հետ պիտի կնքէ մինչեւ 2025 պայմանագրութիւն մը, մինչ անոր հրաժարագինը պիտի կազմէ՝ 400 միլիոն եւրօ:
Ան իր նոր կազմին հետ պիտի կրէ՝ թիւ 2 մարզաշապիկը: