Ղազախստանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան (Բ. խմբակ) 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արամ Ոսկանեանի գլխաւորած կազմը՝ Աթիրաու, 1-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Աքզհայք Ուրալսքի:
Դաշտին տէրերուն եւ մրցումին միակ կոլը, 75-րդ վայրկեանին նշանակեց, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին միջնապահ՝ Արտակ Դաշեան:
Նշենք, որ այժմ, Աթիրաու 6-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, իր տրամադրութեան տակ ունենալով 16 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: