Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ՝ Էտինսոն Քաւանի երէկ ունեցաւ իր նոր ակումբը, որ եղաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտը:
Լքելով իր կազմը՝ Փարիզ Սեն Ժերմենը, ան ազատ փոխանցումով մը միացաւ անգլիական ակումբին, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով «Կարմիր Սատանաներուն» հետ:
Ըստ կնքուած պայմանագրութեան, Քաւանի եթէ ուզէ տարի մը ետք, կրնայ դադրիլ անոր մաս կազմելէ:
33 տարեկան Քաւանի, 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ Փարիզ Սեն Ժերմենի:
Ան մայրաքաղաքի կազմին հետ, 301 մրցումի ընթացքին նշանակեց 200 կոլ եւ կատարեց 43 էսիսթ: