Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի մեծերու ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերին:
Նշուեցաւ, որ «Տինամօ» մարզահամալիրին մէջ 30 նոյեմբերին պիտի սկսի աւագ տարիքի պատանիներու Հայաստանի ախոյեանութիւնը: 7-13 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ կրտսեր տարիքի պատանիներու, իսկ 14-19 դեկտեմբերին` մեծերու ախոյեանութիւնը:
Տեղին է նշել, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, կռփամարտի միջազգային շարք մը մրցաշարքեր ջնջուեցան: