Հայաստանի ֆութպոլի ֆետրասիոնը կը շարունակէ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած արցախցի երեխաներուն համար միջոցառումներու շարքը:
Ֆետերասիոնին ներկայացուցիչներն ու Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականին անդամները այցելեցին Ծաղկաձորի մէջ գտնուող Վալերի Փրիւսովի անուան պետական համալսարանի հանգստեան տուն, ուր ժամանակաւորապէս ապաստանած արցախցի ընտանիքներու երեխաներուն հետ խաղացին տարբեր տեսակի խաղեր, այս մասին յայտնեց ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Արցախցի երեխաները ֆետերասիոնին կողմէ ստացան նաեւ նուէրներ, ինչպէս` հագուստ, գնդակներ, գրենական պիտոյք: