«Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշընզ»-ի հիմնադիր` Արամ Դաւթեան օգնութիւն ուղարկեց Հայաստան, այս մասին յայտնեց «Փանչ Պոքսինկ Արմինիա», իր պաշտօնական էջին մէջ:
Նշուեցաւ, որ ան մեծ քանակութեամբ հագուստեղէն ուղարկած է Հայաստան:
«Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին աւելի ուշ», նշուեցաւ անոր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշենք, որ արհեստավարժ կռփամարտիկներ Գոռ Երիցեան եւ Նարեկ Աբգարեան կը ներկայացնեն «Փանչ Պոքսինկ Փրոմոշընզ»-ը: